2014-09-18 15:47:42

Միջազգային Քարիթասը` Յոյս վերարծարծել Միջին Արեւելքին։


''Բոլոր կրօններուն համար Միջին Արեւելքի մը ի սպաս յանձնառում, ուր մարդու իրաւունքները յարգուած ըլլան եւ ուր ամէն մէկ անհատ կարենայ խաղաղութեամբ ապրիլ իր մերձաւորին հետ'', այս եղաւ Միջազգային Քարիթասի նախաձեռնութեամբ, 15-էն 17 սեպտեմբեր, Հռոմի մէջ կազմակերպուած հանդիպումի եզրակացութիւնը։
''Մեր պարտականութիւնն է յոյս ներշնչել Միջին Արեւելքի'' հասարակութեան, հաստատեց կաթողիկէ դաշնակցութեան ընդհանուր քարտուղար` Միշել Ռոյը մինչ Երուսաղէմի Քարիթասի տնօրէն` Հայր Ռաէտ Ապուսահլիա ընդգծեց թէ ''Սուրբ երկրի քրիստոնեաները կ՛ապրին, Խաչեալ Քրիստոսի շուքին տակ, որ է Միջին Արեւելքի տառապանքի խորհրդանիշը''։
Միջազգային Քարիթասի վերոյիշեալ ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Միջին Արեւելքի եւ շրջանի Քարիթասի պատասխանատուները որոնք միասնաբար քննարկեցին շրջանի բնակչութեան օժանդակութեան կարելիութիւնները։
Հաւաքի աւարտին որոշուեցաւ որդեգրել երկարատեւ ծրագիր մը որ կը կեդրոնանայ միջկրօնական համագործակցութեան, խաղաղութեան կառուցումին, Քարիթասի գործունէութեան աշխուժացումին եւ Եկեղեցւոյ ու այլ կրօնական հաստատութիւններուն հետ աշխատանքի ամրապնդումին վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.